Transcription
17/7/1928
Սիրելի քոյրիկ,
Ահաւասիկ պզտիկ լուր մը եղբօրմէդ, լեռներուն մէջ կը գտնուիմ, պատկերին վերի աջ կողմի լեռը Mont-Blancն է, իսկ վարը Xը իմ անցած ճամբաս։ Պտոյտի ընթացքին գնեցի այս պատկերները ու մինչև որ տուն հասցուցի, քիչ մը ծռեցան։ Քենէ շատոնց է լուր չեմ առներ, այս քարտը առիթ մը պիտի ըլլայ որ ինծի գրես։ Ջերմագին բարևներով եղբայրդ, Վարդ